2009-09-04 12:41:15

 էջ մը հայ երաժշտութենէն`


Այսօր պիտի խօսինք հայազգի ջութակահար Իվան Ղալամեանի մասին

Իրանահայ անուանի ջութակահար եւ մանկավարժ Իվան Ղալամեան ծնած է 1903-ին Թաւրիզի մէջ։ Ան մանուկ հասակին իր ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր փոքր տարիքէն սկսած է ջութակ նուագել։ Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք ֆիլհարմոնիք ընկերութեան ուսումնարանը, ընդունուած է աշխատելու ‘’Պոլշոյ’’ Մեծ Թատրոնի նուագախումբին հետ, նուագելով առաջին ջութակներուն խումբին մէջ։

1924-ին ֆրանսայ մեկնած է ուր շարունակած է ուսումը Փարիզի ՜՜Էքոլ Նորմալ դը Միւզիք՝՝ դպրոցին մէջ եւ աւարտելով այս դպրոցը սկսած է զբաղիլ մանկավարժութեամբ։

1939-ին Ղալամեան անցած է Ամերիկա ուր եւ դասաւանդած։

1944-էն ետք փրօֆեսսորի պաշտօնով ջութակ դասաւանդած է Նիւ Եորքի Ճիւլիարտ համալսարանին մէջ ապա նաեւ ֆիլատլֆիայի Քերդիսի անուան ինստիտուտի մէջ։ 1957 ին իրեն շնորհուած է արուեստագիտութեան տոքթորի աստիճան։

Հայազգի Իվան Ղալամեանի անունը մեծ համբաւ ունի Ի. դարու ջութակահարներու համաշխարհային պատմութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.